Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Լուծումի Չգոյութեան Կը Հաւատայ Կ՛ըսէ Թոնըր - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

04 Ağustos 2016  

Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Լուծումի Չգոյութեան Կը Հաւատայ Կ՛ըսէ Թոնըր -

Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Լուծումի Չգոյութեան Կը Հաւատայ Կ՛ըսէ Թոնըր Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Լուծումի Չգոյութեան Կը Հաւատայ Կ՛ըսէ Թոնըր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարեց, որ «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծումի չգոյութեան կը հաւատայ»` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման ճամբով հասնիլ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի մը:

Թոնըր յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նպատակը թշնամական գործողութիւններու դադրեցման վերականգնումն է եւ չափաւորական ընդդիմութեան հետ գործելը»:

Ան Սուրիոյ կառավարութիւնը ամբաստանեց «վերջին շրջանին զինադադարները խախտելու» յանցանքով` նշելով, որ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ սուրիական թղթածրարին շուրջ տեղի ունեցած են քննարկումներ, սակայն համաձայնութիւններ չեն գոյացած, այլ` քաղաքական լուծումի հասնելու համար քաղաքական փոխադարձ հասկացողութեան հասնելու փորձեր կատարուած են:

Թոնըր նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեակ չէր Հալէպի դէմ յարձակում գործելու եւ քաղաքայինները շրջափակելու Ռուսիոյ ծրագիրներէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով երէկ յայտարարեց. «Ռուսիա Հալէպի դէմ յարձակում կամ օդային հարուածներ չի ծրագրեր»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+