03 Ağustos 2016
Մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան հռչակումով՝ ամէն մարդ կրնայ թիրախ ըլլալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա»ն։
Ըստ յայտարարութեան՝ որոշումը դուրս եկած է իր բուն նպատակի շրջագիծէն եւ կը ծառայէ այլ նպատակներու, որովհետեւ Կիւլենի հետեւորդներու կողքին, թիրախ կը դառնան նաեւ բոլոր ընդդիմադիրները։