Եըլտըրըմ Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի Պետէն Պահանջած Է Յանձնել Կիւլենը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

03 Ağustos 2016  

Եըլտըրըմ Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի Պետէն Պահանջած Է Յանձնել Կիւլենը -

Եըլտըրըմ Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի Պետէն Պահանջած Է Յանձնել Կիւլենը Եըլտըրըմ Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի Պետէն Պահանջած Է Յանձնել Կիւլենը

«Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ Ճոզըֆ Տանֆըրտ Անգարա կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի հետ:

Տանֆըրտ հանդիպումին ընթացքին դատապարտած է 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ զինուորականներու կողմէ նախաձեռնուած զինուորական յեղաշրջման փորձը եւ յայտարարած, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութիւնը թրքական կողմին հետ:

Թուրքիոյ վարչապետը Տանֆըրտէն խնդրած է ամէնէն մօտիկ ապագային Թուրքիոյ յանձնել զինուորական յեղաշրջման փորձի ձեռնարկելու մէջ մեղադրուող Ֆեթհուլլա Կիւլենը:

Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտնած է, որ Անգարա Կիւլենը արտայանձնելու պահանջով երկրորդ թղթածրարը ուղարկած է Միացեալ Նահանգներ:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ պատրաստուած երկրորդ թղթածրարին մէջ կան ապացոյցներ, թէ յեղաշրջման ձախողած փորձի նախաձեռնութեան հեղինակը Կիւլենի ղեկավարած «Հիզմեթ հարաքեթի» կազմակերպութիւնն է:

Նոր փաստաթուղթով թրքական կողմը ամերիկեան իշխանութիւններէն կը պահանջէ Կիւլենը արտայանձնել Թուրքիա:

Պոզտաղ շեշտած է, որ Կիւլենը Թուրքիոյ յանձնելը ամէնէն ճիշդ քայլն է, իսկ զինք չյանձնելը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+