Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման Ձախող Փորձը Ծրագրուած Էր Արտաքին Ուժերու Կողմէ Ըսաւ Էրտողան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

03 Ağustos 2016  

Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման Ձախող Փորձը Ծրագրուած Էր Արտաքին Ուժերու Կողմէ Ըսաւ Էրտողան -

Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման Ձախող Փորձը Ծրագրուած Էր Արտաքին Ուժերու Կողմէ Ըսաւ Էրտողան Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման Ձախող Փորձը Ծրագրուած Էր Արտաքին Ուժերու Կողմէ Ըսաւ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձը ծրագրուած էր արտաքին ուժերու կողմէ եւ անոր նպատակը Թուրքիոյ բարգաւաճումը, միութիւնն ու զարգացումը հարուածելն էր:

Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումին «դերասանները Թուրքիոյ մէջ են, սակայն թատրերգութիւնը գրուած էր արտասահմանի մէջ»:

Ան ըսաւ, որ այնքան ատեն որ ժողովուրդը հզօր ու միասնակամ է` Թուրքիան բոլոր սպառնալիքները պիտի շրջանցէ:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Գերմանիոյ դաշնակցային սահմանադրական դատարանին կողմէ Քէօլնի մէջ իր կողմնակիցներուն հանրահաւաքին ուղիղ եթերով միացման արգիլման: Ան ըսաւ, որ գերմանական դատարանները քանի մը վայրկեանի մէջ որոշեցին արգիլել Քէօլնի մէջ հաւաքուած ժողովուրդին առջեւ իր խօսիլը, սակայն տարիներէ ի վեր կը ձգձգեն ահաբեկիչներու դէմ յարուցուած դատական հայցերը:

Էրտողան յայտնեց, որ եթէ Արեւմուտքը Թուրքիոյ դէմ յարձակում գործող ահաբեկչութեան նկատմամբ յստակ կեցուածք չճշդէ, ապա ահաբեկչութիւնը օր մը անոր դէմ պիտի դառնայ:

Ան ցաւ յայտնեց, որ Արեւմուտքը կը զօրակցի ահաբեկչութեան եւ յեղաշրջումներուն կողքին կը կանգնի` նշելով. «Պիտի գայ օր մը, երբ Եւրոպան պիտի հասկնայ ահաբեկչութեան ու յեղաշրջումներու վտանգաւորութեան մասին տարիներէ ի վեր մեր ըսածը, եւ կը մաղթենք, որ մեր փորձառութիւնը չունենան»:

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Պիւլենթ Թիւֆենքճի «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած է, որ յեղաշրջումի փորձը թրքական տնտեսութեան պատճառած է 100 միլիառ տոլարի վնաս:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+