29 Temmuz 2016
Թարթուսի այցելութեամբ վերջ գտաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններու հովուապետական այցելութիւնը:
Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Թարթուսի հօտին հետ Յոյն Ուղղափառ Ս. Տանիէլ եկեղեցիէն ներս, ուր անգամ մը եւս շեշտեց սուրիահայուն քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւնը: Ան ըսաւ, թէ մեծ տխրութեամբ, բայց հպարտութեամբ տեղեկացած է, որ սուրիական տագնապի առաջին նահատակները հայեր եղած են: Այդ մէկը կը փաստէ, որ հայը Սուրիոյ լիարժէք քաղաքացին է:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում եւ Վեհափառ Հօր ձեռնադրման 20ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատում ու հիւրասիրութիւն: Հաւաքը իրենց երգեցողութեամբ ճոխացուցին խումբ մը մանուկներ ու պատանիներ: