29 Temmuz 2016
Թուրքիոյ տնտեսութեան յառաջատար ճիւղերէն մէկը համարուող զբօսաշրջութեան ոլորտը կը շարունակէ յետընթաց արձանագրել: Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հրապարակած է նախորդ ամիս Թուրքիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը: 2015 Յունիսի ցուցանիշներուն հետ համեմատած 2016 Յունիսին Թուրքիա մուտք գործած զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է 40.86 տոկոսով` 4 միլիոն 123 հազարէն նուազելով մինչեւ 2 միլիոն 438 հազար:
Վկայակոչելով թրքական «Memurlar» լրատուականը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ ասիկա 1994 թուականէն մինչեւ այժմ արձանագրուած ամենացած ցուցանիշն է: Իսկ 2016-ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ արձանագրուած է 27.89 տոկոս անկում: 2015-ի Յունուար-Յունիս ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ իր հանգիստը անցուցած էր 14 միլիոն 894 հազար 754 մարդ, իսկ 2016-ի նոյն ժամանակահատուածին` 10 միլիոն 740 հազար մարդ:
Ցուցանիշներու անկման պատճառներէն են թուրք-ռուսական ճգնաժամը, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչութիւնները, «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքները, «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» գործունէութիւնը եւ այլ բացասական ընկալումներ, որ ձեւաւորուած են Թուրքիոյ մասին: Զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչները մեծ յոյսեր կը կապեն Օգոստոս 9-ին կայանալիք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման հետ` ակնկալելով դրական տեղաշարժ: