29 Temmuz 2016
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ «սուրիական կառավարութիւնն ու ռուսական բանակը Հալէպի մէջ մարդասիրական լայնածաւալ գործողութեան մը ձեռնարկած են»:
Ան յայտնեց, որ այդ գործողութեան ծիրին մէջ երեք ապահով անցքեր պիտի տրամադրուին սուրիական բանակին կողմէ պաշարուած քաղաքէն հեռանալ ուզող քաղաքայիններուն, իսկ չորրորդ անցք մըն ալ զինեալներու, որոնք կ՛ուզեն անձնատուր ըլլալ: Քրեմլին աւելի ուշ յայտարարեց. «Հալէպի մէջ ռուսական մարդասիրական գործողութիւնները քաղաք ներխուժելու պատրաստութիւն չեն, այլ` բացառապէս մարդասիրական բնոյթ ունին»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակեց 2016-ի 15-րդ հրամանագիրը, որ ներում կը շնորհէ զինեալներուն եւ արդարադատութենէն փախուստ տուածներուն, եթէ անձնատուր ըլլան եւ իրենց զէնքերը յանձնեն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մօտ գտնուող պատանդները առանց փոխարէնի ազատ կ՛արձակեն:
Ըստ «Մայատին»-ի, զինեալ խմբաւորումները քաղաքայիններուն արգելք կը հանդիսանան արեւելեան Հալէպէն հեռանալու: «Ռաշա Թուտէյ» իր կարգին հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրան Պուսթան Քասր անցքին վրայ կը ռմբակոծէ արեւելեան Հալէպէն հեռացող քաղաքայինները: