Հալէպի Մէջ Երեք Անցքեր Կը Տրամադրուին Քաղաքայիններուն, Իսկ Չորրորդ Մը` Անձնատուր Ըլլալ Փափաքող Զինեալներուն - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

29 Temmuz 2016  

Հալէպի Մէջ Երեք Անցքեր Կը Տրամադրուին Քաղաքայիններուն, Իսկ Չորրորդ Մը` Անձնատուր Ըլլալ Փափաքող Զինեալներուն -

Հալէպի Մէջ Երեք Անցքեր Կը Տրամադրուին Քաղաքայիններուն, Իսկ Չորրորդ Մը` Անձնատուր Ըլլալ Փափաքող Զինեալներուն Հալէպի Մէջ Երեք Անցքեր Կը Տրամադրուին Քաղաքայիններուն, Իսկ Չորրորդ Մը` Անձնատուր Ըլլալ Փափաքող Զինեալներուն

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ «սուրիական կառավարութիւնն ու ռուսական բանակը Հալէպի մէջ մարդասիրական լայնածաւալ գործողութեան մը ձեռնարկած են»:

Ան յայտնեց, որ այդ գործողութեան ծիրին մէջ երեք ապահով անցքեր պիտի տրամադրուին սուրիական բանակին կողմէ պաշարուած քաղաքէն հեռանալ ուզող քաղաքայիններուն, իսկ չորրորդ անցք մըն ալ զինեալներու, որոնք կ՛ուզեն անձնատուր ըլլալ: Քրեմլին աւելի ուշ յայտարարեց. «Հալէպի մէջ ռուսական մարդասիրական գործողութիւնները քաղաք ներխուժելու պատրաստութիւն չեն, այլ` բացառապէս մարդասիրական բնոյթ ունին»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակեց 2016-ի 15-րդ հրամանագիրը, որ ներում կը շնորհէ զինեալներուն եւ արդարադատութենէն փախուստ տուածներուն, եթէ անձնատուր ըլլան եւ իրենց զէնքերը յանձնեն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մօտ գտնուող պատանդները առանց փոխարէնի ազատ կ՛արձակեն:

Ըստ «Մայատին»-ի, զինեալ խմբաւորումները քաղաքայիններուն արգելք կը հանդիսանան արեւելեան Հալէպէն հեռանալու: «Ռաշա Թուտէյ» իր կարգին հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրան Պուսթան Քասր անցքին վրայ կը ռմբակոծէ արեւելեան Հալէպէն հեռացող քաղաքայինները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+