Սպանիոյ Ալիքանթէ Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

29 Temmuz 2016  

Սպանիոյ Ալիքանթէ Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը -

Սպանիոյ Ալիքանթէ Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Սպանիոյ Ալիքանթէ Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սպանիոյ Ալիքանթէ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Խորհուրդին մէջ քննարկումներու ընթացքին ելոյթ ունեցած են այնտեղ ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները, որոնք կարեւոր նկատած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ անոր կանխարգելիչ նշանակութիւնը: Մասնաւորաբար «Քոմփրոմիս» քաղաքական խմբակցութեան ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ նշած է, որ խիստ կարեւոր է մոռացութեան չմատնել հայերուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը յատկապէս այսօր` հաշուի առնելով, որ այն վայրերուն մէջ, ուր գործուած է ցեղասպանութիւնը, այժմ զանգուածային կերպով կը խախտին մարդու իրաւունքներն ու կը վտանգեն հազարաւոր մարդոց կեանքեր:

Քուէարկութեան մասնակից քաղաքական ուժերու գերակշիռ մեծամասնութիւնը (Սպանիոյ ընկերվարական կուսակցութիւն, Կուանեար, Քոմփրոմիս կուսակցութիւններ) քուէարկած են յօգուտ պաշտօնական յայտարարութեան որդեգրման:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման դիմումը ներկայացուած էր Ալիքանթէի «Հայաստան» ընկերակցութեան կողմէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+