25 Temmuz 2016
Թրքական «TGRT» (Turkiye Gazetesi Radyo Televizyonu) հեռուստաալիքը երկրին մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման անյաջող փորձէն յետոյ պատրաստած է թեմատիկ հոլովակ, ուր Աթաթուրքին յայտնի «ինչ երջանիկ է ան, որ ինքզինք թուրք կ՝անուանէ» խօսքերը տարածուած է Թուրքիա բնակող ժողովուրդներուն, ներառեալ եւ հայերուն վրայ:
Հոլովակին մէջ, ըստ ermenihaber.am-ի, մասնաւորապէս ըսուած է. «Ինչ երջանիկ է ան, որ ինքզինք կ՝անուանէ թուրք, լազ, քիւրտ, զազա, վրացի, չերքեզ, արաբ, հայ, յոյն, ալպանացի, հրէայ, քրիստոնեայ, իսլամ, ալեւի, սիւննի: Քանի որ մենք, մեր կեանքն ու արիւնը զոհաբերելով, բոլորս միասին յաղթած ենք «ազատագրական» պատերազմը եւ ժողովրդավարութեան պատերազմը նոյնպէս ձեռք ձեռքի տուած պիտի յաղթենք»:
Այս հոլովակին խիստ մեղադրական կեցուածքով անդրադարձած է ատրպէյճանական «Haqqin.az» լրատուական կայքը, նշելով, որ այնտեղ կը բացակայի նոյնիսկ ատրպէյճանցիներուն անունը:
Ատրպէյճանական կայքը մասնաւորապէս գրած է. «Մինչ Ատրպէյճանի մէջ հեռուստալիք կը փակեն ու կը պատժեն լրագրողը՝ Ֆեթուլլահ Կիւլենի (Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքական հակառակորդ – EH) հետ հարցազրոյց ընելու համար, Թուրքիոյ մէջ հոլովակ կը տարածեն, ուր հայերու եւ Հայաստանի նկատմամբ սէր կը քարոզուի»:
Կայքը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ կը գտնուի ռազմաքաղաքական խնդիրի մէջ եւ հարցադրում կ՝ընէ, թէ Թուրքիան ինչպէս պիտի բացատրէ այս հոլովակին տարածումը պետական շրջանակներու կողմէ հովանաւորուող հեռուստաընկերութեան եթերով: