25 Temmuz 2016
Թուրքիոյ հասարակական ցանցերուն մէջ տարածուած է ցուցակ մը, որուն մէջ նշուած են լրագրողներու անուններ, որոնք պէտք է ձերբակալուին: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Cumhuriyet» թերթին կայքը յայտնած է, որ տեղեկութիւնը սկսած են տարածել այն օգտատէրերը, որոնք սերտ կապեր ունին իշխանական շրջանակներուն մէջ:
Օրինակ` Twitter-ի վրայ «Baskentai» անունով օգտատէրը հրապարակած է 73 լրագրողի անուն: Այս ցուցակին վրայ ներառուած է նաեւ հայ լրագրող, յօդուածագիր Հայկօ Պաղտատի անունը: Վերջինս նշելով, որ իրավիճակը ծիծաղելի է, յոյս յայտնած է, որ այս անսպասելի ողբերգութիւնը յաղթահարելով, աւելի շատ պիտի պայքարին ժողովրդավարութեան համար:
Թրքական այլ կայք մը` «Internethaber»-ը, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Twitter-ի վրայ Պաղտատի վերջին արձանագրութեան վրայ, ուր ան գրած էր, որ կիսագործնական այցով Աթէնք կ՝երթայ եւ չըսեն, թէ ինքը փախած է:
Կայքը նշած է, որ պիտի ձերբակալուին այն լրագրողները, որոնք, ըստ պնդումներուն, առնչութիւն ունին կիւլենական համայնքին հետ:
Նշենք, որ Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ կատարուած էր ռազմական յեղաշրջման փորձ, որ ձախողած էր: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յեղաշրջման փորձի մէջ մեղադրած էր ամերիկաբնակ թուրք կրօնական գործիչ, միլիառատէր Ֆեթուլլահ Կիւլենը եւ անոր ստեղծած շարժումը, որուն թրքական լրատուամիջոցները կ՝անուանեն զուգահեռ կառոյց կամ Ֆեթուլլահի ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Յեղաշրջման փորձին ձախողութենէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ սկսած էր ձերբակալութիւններու մեծ ալիք, պետական տարբեր գերատեսչութիւններու շուրջ 45 հազար աշխատակից հեռացուած էր աշխատանքէ եւ/կամ ձերբակալուած էր: