23 Temmuz 2016
Թուրքիոյ զինուած ուժերը պիտի վերակազմաւորուին: Այս մասին Reuters-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` նկատելով, որ զինուած ուժերուն «թարմ արիւն» պէտք է, կը հաղորդէ News.am-ը:
Անոր խօսքով` կառավարութեան գերագոյն զինուորական խորհուրդը, որուն նախագահը երկրի վարչապետն է, եւ ուր ընդգրկուած են պաշտպանութեան նախարարն ու սպայակոյտի պետը, պիտի վերահսկէ զինուած ուժերու վերակազմաւորման գործընթացը:
«Այդ ռազմական կառոյցի օգնութեամբ զինուած ուժերը թարմ արիւն պիտի ստանան»,-ըսած է Էրտողանը: