17 Temmuz 2016
Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ կը կը տիրէ ապահովահական արտակարգ իրավիճակ։ Ըստ թրքական պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ թրքական բանակի զօրամասի մը կողմէ յեղաշրջումի փորձ կը կատարուի։ Յեղաշրջումի փորձ կատարելուն մէջ կը մեղադրուին իսլամական կրօնական ղեկավար Ֆեթհիւլլա Կիլենի հետեւորդ սպաներ։
Անգարայի սպայակոյտի կեդրանին շուրջ ապահովական գօտի մը հաստատուած է։ Մայրաքաղաքին մէջ լսուած են փոխհրացանաձգութեան ձայներ, իսկ նախագահ Էրտողան նախագահական պալատէն դուրս բերուած է եւ փոխադրուած ապահով վայր մը։
Թրքական NTV հեռուստաալիքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Վոսփորի եւ Մեհմետ Ֆաթիհի կամուրջները փակուած են։ Պոլսոյ Աթաթուրք օդակայանը փակ է, Tweeter-ի եւ facebook-ի ծառայութիւնները կասեցուած են։ Որոշ հաղորդագրություններու համաձայն՝ թրքական հանրային հեռուստաալիքը դադրեցուցած է հեռարձակումը: Թրքական օդուժը ցածէն թռիչքներ կը գործէ քաղաքին վերեւ։
Թրքական բանակի հաղորդագրութեամբ՝ բանակը ստանձնած է Թուրքիոյ իշխանութիւնը։ Ռուսական “Սփութնիք” լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բանակը թրքական կառավարութեան մաս կազմող անձնաւորութիւններ ձերբակալած է։ Խումբ մը սպաներ ձերբակալած են թրքական բանակի սպայակոյտի պետը։