Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական Յեղաշրջումի Փորձը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

17 Temmuz 2016  

Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական Յեղաշրջումի Փորձը -

Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական Յեղաշրջումի Փորձը Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական Յեղաշրջումի Փորձը

Երէկ գիշեր ժամը 11:00-ին Պոլսոյ մէջ տիրեց արտակարգ դրութիւն:

Հաղորդուեցան Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ լսուող կրակոցներու մասին, որոնց յաջորդեց Պոսֆորի կամուրջի փակման լուրը:

Այս իրավիճակին առաջին արձագանգողը եղաւ Թուրքիոյ վարչապետ Պըն Ալի Եըլտըրըմը, որ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ կը կատարուի զինուորական գործողութիւն մը, առանց ընդհանուր հրամանատարութեան արտօնութեան` աւելցնելով, որ տեղի ունեցածը կարելի չէ յեղաշրջումի փորձ մը նկատել:

Եըլտըրըմի համաձայն, բանակին մէջ անհնազանդութեան փորձ մը կատարուած է, սակայն անիկա հակակշիռի տակ պիտի առնուի:

Աւելի ուշ Եըլտըրըմ դատապարտեց թրքական բանակի զօրամասի մը կողմէ կատարուած յեղաշրջումի փորձը` աւելցնելով. «Զինուորական յեղաշրջումին պատասխանատուները իրենց արարքին գինը սուղ պիտի վճարեն»:

Մինչ այդ թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ, ի տես Թուրքիոյ մէջ գործադրուող զինուորական յեղաշրջումի փորձին, Անգարայի սպայակոյտի կեդրոնին շուրջ ապահովական գօտի մը հաստատուեցաւ:

Անոնք աւելցուցին, որ իսլամական կրօնական ղեկավար Ֆեթհիւլլա Կիւլենի հետեւորդ սպաներ կը փորձեն Անգարայի մէջ զինուորական յեղաշրջում կատարել:

Քիչ անց Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանը շրջափակուեցաւ հրասայլերով. հաղորդուեցաւ, որ օդակայանը փակ է, իսկ թրքական օդուժը ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ կը կատարէ Պոլսոյ վերեւ:

Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանէն կամ դէպի Թուրքիա բոլոր թռիչքները ջնջուեցան:


Նոյն ատեն Թուրքիոյ մէջ Թուիթըրի եւ Դիմատետրի ծառայութիւնները կասեցուեցան:

Թրքական բանակը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ ստանձնած է իշխանութիւնը, եւ ատիկա կը ծառայէ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները եւ պարտադրելու կարգ ու կանոն:

Մինչ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին յայտարարուեցաւ, թէ ան նախագահական պալատէն դուրս բերուած եւ փոխադրուած է ապահով վայր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Մենք տէրն ենք ժողովրդավար իշխանութեան, եւ մեզ ոչ ոք կրնայ հեռացնել»:

Միւս կողմէ, թրքական բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ պատկերասփիւռի պաշտօնական կայանը, ուրկէ յղեց իր առաջին հաղորդագրութիւնը` հաստատելով, որ ամէնէն մօտիկ ապագային թրքական նոր սահմանադրութիւն մը պիտի մշակէ: Բանակը նշեց նաեւ, որ թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը նոյն ձեւով պիտի շարունակուի:


Նոյն պահուն թրքական պատկերասփիւռի պետական կայանը կրակմարի դրութիւն յայտարարեց, սակայն կարճ ժամանակ ետք անիկա խզուեցաւ, որովհետեւ ժողովուրդը ընդառաջեց Էրտողանի եւ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կոչին` փողոց իջնելու:

«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, թրքական զանազան շրջաններու մէջ կատարուեցան բողոքի ցոյցեր` զինուորական յեղաշրջումին դէմ:

Նշենք, որ Էրտողան «Սքայփ»-ով կատարուած հաղորդակցութեամբ մը ուղղած էր իր կոչը` շեշտելով, որ իրենք պիտի շրջանցեն այս պատահարը, իսկ Եըլտըրըմ ըսաւ. «Ինչ որ անհրաժեշտ է պիտի կատարենք, նոյնիսկ եթէ զոհեր ունենանք»:

Միւս կողմէ, ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բանակը թրքական կառավարութեան մաս կազմող անձնաւորութիւններ ձերբակալած է:

Քիչ անց յայտնուեցաւ նաեւ, որ խումբ մը սպաներ ձերբակալած են թրքական բանակի սպայակոյտի պետը, որ ձերբակալութենէն երկու ժամ ետք սպաննուեցաւ:


Բանակը, շրջափակելէ ետք նախագահական պալատն ու խորհրդարանը իր ներկայութիւնը հաստատեց Պոլսոյ բոլոր հրապարակներուն վրայ, իսկ Թաքսիմ հրապարակը դարձաւ զինուորական գօտի, ուր լսուեցան կրակոցներ:

Ուժգին պայթում մը ցնցեց Անգարան, եւ ծայր առին զինեալ բախումներ թրքական բանակին եւ բռնարարքները զսպող ոստիկանութեան միջեւ:

Ըստ Ռոյթըրզի, հրասայլեր կրակ բացին թրքական խորհրդարանի շրջակայքը, իսկ թրքական օդուժը ռմբակոծեց Անգարայի ոստիկանութեան եւ գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնները:

Էրտողանի մասին հակասական լուրեր շրջան ըրին, անոնցմէ ոմանք յայտնեցին, որ ան փորձած է դուրս գալ Թուրքիայէն` ապաստան խնդրելով Գերմանիայէն, իսկ ուրիշներ հաղորդեցին, որ ան Թուրքիա կը գտնուի:

Շուրջ երեք ժամ տեւած խառն իրավիճակէն ետք թրքական բանակի Ա. հրամանատարը յայտնեց, թէ զինուորական յեղաշրջումը կատարող կողմը փոքր ջոկատ մըն է, իսկ քիչ անց զինուորական յեղաշրջումին ղեկավարը անձնատուր եղաւ թրքական ապահովութեան ուժերուն:

Թրքական կործանիչ մը Անգարայի մէջ վար առաւ զինուորական յեղաշրջումին մաս կազմող ուղղաթիռ մը:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը բոլոր զինուորներուն հրահանգած է վերադառնալ զօրանոց եւ քաղաքացիներէն խնդրած` իջնել փողոց:

Իրաքի պատկերասփիւռի պետական կայանը հաղորդեց, որ թրքական բանակը Իրաք գտնուող իր ուժերուն հրահանգած է հեռանալ Իրաքէն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին գծով, իսկ աւելի ուշ հաղորդեց, որ կը փակէ Թուրքիոյ հետ իր սահմանային բոլոր անցքերը` ցնոր տնօրինում:

Ֆրանսա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եգիպտոս եւ այլ պետութիւններ կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց քաղաքացիներուն` զգուշ ըլլալու եւ մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ:

Մ. Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի մաղթեց, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն տիրէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+