16 Temmuz 2016
Իսթանպուլի Մխիթարեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան դպրոցի վարչութեան եւ հիմնադիրի փոխանորդի որոշումով պաշտօնազրկուած էր։
Շուրջ ամիս մը առաջ վարչութեան անդամներու եւ հիմնադիրի փոխանորդ Պերճ Մենզիլճիօղլուի որոշումով կայացած այս պաշտօնազրկումէն ետք զանազան շրջանակներ զօրակցութեան փութացին ուսուցիչին հանդէպ։
Այս զարգացումներէն ետք վարչութիւնը վերատեսութեան մատնեց իր որոշումը եւ հրաժարեցաւ ուսուցիչը պաշտօնանկ ընելէ։ Նշենք որ Սեւան Տէյիրմենճեանի դէմ նման քայլի մը դիմելու իբր պատճառաբանութիւն ներկայացուած էր անոր մամուլի էջերուն մէջ ստորագրած յօդուածները։