01 Temmuz 2016
«Վատիկանի ռատիօ»-ն կը տեղեկացնէ, որ Հռոմի Պապը աշնան դարձեալ պիտի այցելէ Հարաւային Կովկաս. Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 2 Սրբազան քահանայապետը պիտի ըլլայ Ատրպէյճան եւ Վրաստան: Այս մասին ան յայտնած է Յունիս 30-ին` Վատիկանի մէջ:
Պապը խօսած է այդ երկիրներ այցի հրաւէրը ընդունելու պատճառներուն մասին. պատճառներէն մէկը այդ հողերուն վրայ, այլ կրօններու ու մշակոյթներու հետ երկխօսելու ոգիով, քրիստոնէական հնագոյն արմատներու առկայութիւնն է: Միւս պատճառը դէպի խաղաղութիւն յոյսն ու ճանապարհը ամրապնդելն է:
Պապը ըսած է, որ ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն կը պահանջէ մեծ հետեւողականութիւն ու մշտական քայլեր, որոնք աստիճանաբար պէտք է աճին: Ան յոյս յայտնած է, որ բոլորը եւ իւրաքանչիւրը իրենց աւանդը պիտի ներդնեն խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գործին: