Գերմանիոյ Հայ Համայնքը Կ՛օժանդակէ Քառօրեայ Պատերազմին Զոհուած Արցախցիներու Ընտանիքներուն - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

01 Temmuz 2016  

Գերմանիոյ Հայ Համայնքը Կ՛օժանդակէ Քառօրեայ Պատերազմին Զոհուած Արցախցիներու Ընտանիքներուն -

Գերմանիոյ Հայ Համայնքը Կ՛օժանդակէ Քառօրեայ Պատերազմին Զոհուած Արցախցիներու Ընտանիքներուն Գերմանիոյ Հայ Համայնքը Կ՛օժանդակէ Քառօրեայ Պատերազմին Զոհուած Արցախցիներու Ընտանիքներուն

Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմնի անհատ բարերարներու նուիրաբերած 2 միլիոն դրամին համարժէք գումարը փոխանցուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած 10 արցախցիներու ընտանիքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հիմնադրամի պաշտօնական կայքը:

Հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմնի ատենապետ Ժիլպեր Մոմճեան կը նշէ, որ Գերմանիոյ հայ համայնքը մեծ ցաւ ապրեցաւ ապրիլեան դէպքերու առնչութեամբ եւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ հաւաքագրեց գումար մը, որ որոշ չափով կը թեթեւցնէ գոնէ այս ընտանիքներու օրուայ հոգը:

Գերմանիոյ տեղական մարմինը կը շարունակէ ընկերային այլ ծրագիրներու իրականացումը: Գերամանահայ համայնքի միջոցներով 2015-ին Գիւմրիի երկու անօթեւան ընտանիք ստացած է նոր, կահաւորուած բնակարաններ: Գիւմրեցի եւս երկու ընտանիք անոնց օժանդակութեամբ յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղափոխուի նոր բնակարան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+