01 Temmuz 2016
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Սուրիան ահաբեկչութեան դէմ կռուի դաշտ է եւ անոր ճակատագիրը կրնայ ճշդել շրջանի ապագան»: «Մենք սուրիական բանակցութիւններուն նախաձեռնեցինք եւ տակաւին քաղաքական լուծումէն շատ հեռու ենք», ըսաւ ան:
«Սուրիական բանակցութիւնները միջազգային գործակցութեան եւ միատեղ աշխատանքի կարեւորութեան օրինակ են, որովհետեւ Արեւմուտքի կարծր ուժ օգտագործելը պատճառ դարձաւ ահաբեկիչներու յայտնուելուն, եւ մենք ատոր հետեւանքները տեսանք Լիպիոյ մէջ», յայտնեց Փութին:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «ՕԹԱՆ-ը իր գոյութեան պատճառները միայն չի փնտռեր, այլ երեւակայածին պատրուակներ կ՛օգտագործէ մեր սահմաններուն վրայ իր գործունէութիւնը ընդլայնելու»:
Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Քինշաք յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը Սուրիոյ տագնապին վրայ կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ»: