01 Temmuz 2016
Նախագահ Սերժ Սարգսյան երէկ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով, զրուցակիցները անդրադարձեր են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն, մասնաւորապէս` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման ընթացքին: