01 Temmuz 2016
Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենան Փարիզի մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
«Ֆրանսական կողմը առաջարկած է նման հանդիպում կազմակերպել, եւ մենք դէմ չենք», այսօր Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ըսած է Մամետեարով` աւելցնելով. «Մեզի համար կարեւորը բանակցութիւններուն արդիւնքն է, մենք ցանկութիւն չունինք բանակցիլ` բանակցելու համար»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տակաւին չէ հաստատած նախագահներուն յառաջիկայ հանդիպումին մասին Մամետեարովի յայտարարութիւնը: