«Լուր տուի, թէ Հրանդ Տինք պիտի սպաննուի. աւելի ի՞նչ կրնայի ընել»,- կը վկայէ թուրք գաղտնի ոստիկանը - Հայերէն
21 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

29 Haziran 2016  

«Լուր տուի, թէ Հրանդ Տինք պիտի սպաննուի. աւելի ի՞նչ կրնայի ընել»,- կը վկայէ թուրք գաղտնի ոստիկանը -

«Լուր տուի, թէ Հրանդ Տինք պիտի սպաննուի. աւելի ի՞նչ կրնայի ընել»,- կը վկայէ թուրք գաղտնի ոստիկանը «Լուր տուի, թէ Հրանդ Տինք պիտի սպաննուի. աւելի ի՞նչ կրնայի ընել»,- կը վկայէ թուրք գաղտնի ոստիկանը

Հ­րանդ ­Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի ան­վեր­ջա­նա­լի վէ­պի մը նման, եւ որ ներ­կա­յիս մաս­նա­ւո­րա­բար խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ ա­ռած է այս սպա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու նկա­տո­ւող ա­պա­հո­վու­թեան 35 պաշ­տօ­նեա­նե­րու եւ գաղտ­նի գոր­

ծա­կալ­նե­րու պա­րա­գան, վեր­ջին նիս­տի ըն­թաց­քին լսեց ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րէն՝ այդ օ­րե­րուն Տ­րա­պի­զո­նի գաղտ­նի գոր­ծա­կա­լու­թեան ոս­տի­կան­նե­րէն ­Մու­հիտ­տին ­Զե­նի­թի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։

Զե­նիթ այն գաղտ­նի ոս­տի­կանն է, որ ­Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ա­ռաջ կրցած էր գիտ­նալ, թէ ­Տինք պի­տի սպան­նո­ւէր ու այդ մա­սին ալ տե­ղե­կա­գիր մը պատ­րաս­տած էր։ ­Բայց ­Տին­քի սպա­նու­թեան օ­րը, ան հե­ռա­ձայ­նով խօ­սած էր ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րէն Էր­հան ­Թուն­ճե­լի հետ։

Զե­նիթ շատ քննա­դա­տո­ւե­ցաւ այս գծով, սա­կայն պնդեց, որ ­Թուն­ճե­լի հետ խօ­սած էր պար­զա­պէս տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լու հա­մար։ ­Զե­նիթ դա­տա­կան նիս­տի ըն­թաց­քին նե­րո­ղու­թիւն խնդրեց Հ­րան­դի այ­րիէն՝ Ռա­քել ­Տին­քէն։
Ան ը­սաւ, որ իր տե­ղե­կա­գի­րին մէջ ար­դէն իսկ գրած էր, թէ Հ­րանդ պի­տի սպան­նո­ւի. ատ­կէ ա­ւե­լի ի՞նչ կրնար ը­նել, որ­պէս­զի ար­գելք հան­դի­սա­նար սպա­նու­թեան։

Զե­նիթ, դա­տա­վա­րու­թեան վեր­ջին նիս­տի ըն­թաց­քին, նաեւ դրո­ւա­տան­քի խօս­քեր ը­րաւ Հ­րանդ ­Տին­քի մա­սին ու ա­ռա­ջար­կեց, որ ինք ան­պարտ ար­ձա­կո­ւի։ «Այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ան­հա­ւա­տա­լիօ­րէն զար­մա­նա­լի, ինչ­պէս նաեւ՝ ան­հասկ­նա­լի են. ա­նոնք ոչ միայն չեն մեր­կաց­ներ սպա­նու­թեան ե­տին մնա­ցած խոր­հուրդ­նե­րը, այ­լեւ՝ ա­ւե­լիով կը կնճռո­տեն, նո­րա­նոր հար­ցում­ներ կը ստեղ­ծեն։

Մէ­կը ինչ­պէ՞ս օր-ցե­րե­կով ու այդ­քան բա­նուկ հրա­պա­րա­կի մը վրայ կը սպան­նո­ւի, երբ ա­պա­հո­վու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ շա­տե­րը գի­տէին, թէ այդ ան­ձը պի­տի սպան­նո­ւի»,- այս առ­թիւ կը գրէ «­Մար­մա­րա»։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+