Փութին Այսօր Էրտողանին Պիտի Հեռաձայնէ. Թուրքիոյ Վարչապետը Կը Հերքէ Ռուսիոյ Փոխհատուցում Վճարելու Մասին Իր Ի - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

29 Haziran 2016  

Փութին Այսօր Էրտողանին Պիտի Հեռաձայնէ. Թուրքիոյ Վարչապետը Կը Հերքէ Ռուսիոյ Փոխհատուցում Վճարելու Մասին Իր Ի -

Փութին Այսօր Էրտողանին Պիտի Հեռաձայնէ. Թուրքիոյ Վարչապետը Կը Հերքէ Ռուսիոյ Փոխհատուցում Վճարելու Մասին Իր Ի Փութին Այսօր Էրտողանին Պիտի Հեռաձայնէ. Թուրքիոյ Վարչապետը Կը Հերքէ Ռուսիոյ Փոխհատուցում Վճարելու Մասին Իր Իսկ Խօսքերը

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն հերքած է նախապէս Ռուսիոյ վար առնուած օդանաւի հարցին մէջ փոխհատուցում վճարելու մասին իր իսկ յայտարարութիւնը:

«Ռուսիոյ փոխհատուցում վճարելու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, մենք միայն մեր վիշտը յայտնած ենք: Օդաչուի սպանութեան մէջ պատասխանատու անձին նկատմամբ անհրաժեշտ իրաւական հոլովոյթներ կը տարուին», ըսած է ան:

Նախապէս, Թուրքիոյ վարչապետը խօսելով նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած նամակին մասին, ըսած էր. «Նամակին բովանդակութիւնը շատ յստակ է, մենք կը յայտնենք մեր վիշտը, կ՛ըսենք, որ կը կիսենք զոհուածներու ընտանիքին ցաւը: Կը յայտնենք, որ եթէ անհրաժեշտ է, պիտի փոխհատուցենք: Այս յարաբերութիւնները ասկէ ետք պէտք է կարգաւորուին»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ին յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին շնորհակալութիւն յայտնելու համար պիտի հեռաձայնէ Էրտողանին:

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Փութին 29 յունիսին ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենայ Էրտողանի հետ:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւս երէկ յայտնեց, որ այսօր կամ վաղը Էրտողան-Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի պիտի ունենայ: Ան «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ին յայտնեց. «Պրն. Փութինի եւ Պրն. Էրտողանի միջեւ չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի օր ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի պիտի ունենայ»:

Մինչ այդ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ` խօսելով Էրտողանի կողմէ Փութինին յղուած նամակին մասին, ըսած է. «Ի հարկէ, ցաւալի է, որ ներումի հայցը ուշացած է, սակայն ինչպէս կ՛ըսեն, լաւ է ուշ, քան երբեք: Այս ընթացքին մեր փոխյարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցան շօշափելի բացասական հոլովոյթներ, կորսուած է գոյութիւն ունեցած վստահութեան մակարդակը: Ամէն պարագայի, այդ ուղերձը կրնայ ապասառեցման եւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու փուլային վերականգնման հիմք ըլլալ»:

Ան յիշեցուցած է Փութինի այն խօսքը, որ ստեղծուած կացութիւնը կապ չունի թուրք ժողովուրդին հետ: «Կարելի է միայն ողջունել, որ եկած է գիտակցումի պահը: Իր նամակին մէջ Էրտողան ներում հայցած է, ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած օդաչուի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ նշած է իրավիճակի կարգաւորման պատրաստակամութեան մասին», ընդգծած է ան:

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի «Լայֆ.ռու» կայքին ըսած է, որ Էրտողանի` ներում հայցելէն ետք, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պէտք է վերականգնին:

«Պէտք է ներել, Թուրքիան մեր դրացին է, իսկ Եւրոպան ու ամերիկացիները` ատել: Եթէ մենք փորձենք սերտանալ հարաւի` Թուրքիոյ, Իրանի, Սուրիոյ հետ, մարդկութիւնը ընդհանրապէս խնդիրներ պիտի չունենայ», յայտարարած է ան:

Ժիրինովսքի նաեւ նշած է, որ թրքական կողմը պէտք է փոխհատուցէ վար առնուած օդանաւին համար:

Յիշեցնենք, որ տակաւին ամիսներ առաջ Ժիրինովսքի խիստ քննադատութիւններ կ՛ուղղէր Թուրքիոյ հասցէին` առաջարկելով նոյնիսկ ոչնչացնել Պոլիսը:

«Անատոլու». «Էրտողան Ներում Չէ Հայցած»

Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւր մը «Անատոլու»-ին յայտնած է, որ Էրտողան Փութինին յղած իր նամակին մէջ ներում չէ հայցած` նշելով, որ Էրտողան ռուս օդաչուի ընտանիքին խոր ցաւ յայտնած է եւ «մեզի ներեցէք» ըսած, ինչ որ օդաչուին ընտանիքին ուղղուած է եւ ոչ թէ ռուսական պետութեան:

Աղբիւրը շեշտեց, որ նամակին մէջ փոխհատուցման վերաբերեալ որեւէ խօսք չկայ` աւելցնելով. «Խրիմի, ինչպէս նաեւ սուրիական ու ուքրանական տագնապներուն վերաբերեալ թրքական կեցուածքը չէ փոխուած, պարզապէս այժմ կարելի է այդ հարցերը ուղղակի կերպով քննարկել ռուսական կողմին հետ»:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաստատեց աղբիւրին վերոնշեալ յայտարարութիւնները` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ փոխհատուցում պիտի չտրուի, սակայն Թուրքիա թերեւս օդաչուի ընտանիքին օժանդակութիւն տրամադրէ:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+