29 Haziran 2016
Երէկ երեկոյեան թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ երկու պայթումներ լսուած են Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ: Ականատես մը «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ին յայտնած է, որ օդակայանի կառատունէն կրակոցի ձայներ լսուած են: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ երկու պայթումները անձնասպանական երկու գործողութիւններ են:
Թուրքիոյ լրատուամիջոցները յատնեցին, որ անմիջապէս փակուած է Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանը, եւ հոն գտնուող ճամբորդները փոխադրուած են ապահով վայրեր:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտնած է, որ Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ երկու պայթումներու պատճառով արձանագրուած է 10 մեռեալ: Լրատուամիջոցները կը խօսին 41 մեռեալներու եւ 239 վիրաւորներու մասին. 6 վիրաւորներ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին:
Աւելի ուշ, Պոլսոյ նահանգապետը յայտնած է, թէ 3 զինեալներ կատարած են անձնասպանական գործողութիւնները: