Թուրքիան Պատրաստ է Փոխհատուցում Վճարելու Ռուսիոյ Խոցուած Օդանաւին Համար - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

28 Haziran 2016  

Թուրքիան Պատրաստ է Փոխհատուցում Վճարելու Ռուսիոյ Խոցուած Օդանաւին Համար -

Թուրքիան Պատրաստ է Փոխհատուցում Վճարելու Ռուսիոյ Խոցուած Օդանաւին Համար Թուրքիան Պատրաստ է Փոխհատուցում Վճարելու Ռուսիոյ Խոցուած Օդանաւին Համար

Անգարան պատրաստ է փոխհատուցում վճարելու Մոսկուային ՍՈՒ-24 ռմբակոծիչի խոցման համար:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը՝ վյակակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը, այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը:

Յիշեցնենք, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փէսքովը յայտնած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նամակ յղած է ռուս առաջնորդին եւ ներողութիւն խնդրած խոցուած օդանաւին համար, ցաւակցութեան խօսքեր յայտնած է օդաչուի մահուան համար եւ յայտարարած, որ Թուրքիան չէր ցանկար փչացնել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, Մոսկուան Անգարայի համար ռազմավարական գործընկեր է:

Երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման քայլերէն մէկն ալ ռուսական իշխանութիւնները նշած են ոչ մի այն կատարուածին համար ներողութիւն խնդրելը, այլեւ հասցուած վնասը փոխհատուցելը:

«Նամակի բովանդակութիւնը պարզ է: Մենք յայտնած ենք մեր ափսոսանքը եւ անհրաժեշտութեան պարագային փոխհատուցում կը վճարենք խոցուած օդանաւին համար: Երկու երկիրները կը ցանկան կարգաւորել յարաբերութիւնները: Կը կարծեմ` գործերը կը կարգաւորուին»,- TRT հեռուստաալիքի եթերով յայտարարած է Եըլտըրըմ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ ՌԴ-ի յարաբերութիւնները լարուած են թուրք-սուրիական սահմանին ռուսական ՍՈՒ-24 օդանաւին խոցումէն ետք: Ռուսիան պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ նկատմամբ` արգիլելով այդ երկրէն շարք մը սննդամթերքներու, թռչնամիսի, միրգերու ներմուծումը, ինչպէս նաեւ սահմանափակած է ռուս զբօսաշրջիկներու` Թուրքիոյ հանգստավայրեր այցելելու հնարաւորութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+