28 Haziran 2016
Անգարան պատրաստ է փոխհատուցում վճարելու Մոսկուային ՍՈՒ-24 ռմբակոծիչի խոցման համար:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը՝ վյակակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը, այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը:
Յիշեցնենք, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փէսքովը յայտնած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նամակ յղած է ռուս առաջնորդին եւ ներողութիւն խնդրած խոցուած օդանաւին համար, ցաւակցութեան խօսքեր յայտնած է օդաչուի մահուան համար եւ յայտարարած, որ Թուրքիան չէր ցանկար փչացնել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, Մոսկուան Անգարայի համար ռազմավարական գործընկեր է:
Երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման քայլերէն մէկն ալ ռուսական իշխանութիւնները նշած են ոչ մի այն կատարուածին համար ներողութիւն խնդրելը, այլեւ հասցուած վնասը փոխհատուցելը:
«Նամակի բովանդակութիւնը պարզ է: Մենք յայտնած ենք մեր ափսոսանքը եւ անհրաժեշտութեան պարագային փոխհատուցում կը վճարենք խոցուած օդանաւին համար: Երկու երկիրները կը ցանկան կարգաւորել յարաբերութիւնները: Կը կարծեմ` գործերը կը կարգաւորուին»,- TRT հեռուստաալիքի եթերով յայտարարած է Եըլտըրըմ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ ՌԴ-ի յարաբերութիւնները լարուած են թուրք-սուրիական սահմանին ռուսական ՍՈՒ-24 օդանաւին խոցումէն ետք: Ռուսիան պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ նկատմամբ` արգիլելով այդ երկրէն շարք մը սննդամթերքներու, թռչնամիսի, միրգերու ներմուծումը, ինչպէս նաեւ սահմանափակած է ռուս զբօսաշրջիկներու` Թուրքիոյ հանգստավայրեր այցելելու հնարաւորութիւնը: