Այսօր` Թուրքիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնութեան Ստորագրման Արարողութիւնը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

28 Haziran 2016  

Այսօր` Թուրքիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնութեան Ստորագրման Արարողութիւնը -

Այսօր` Թուրքիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնութեան Ստորագրման Արարողութիւնը Այսօր` Թուրքիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնութեան Ստորագրման Արարողութիւնը

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու անջատ մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին յայտարարեցին, որ գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն մը:

Եըլտըրըմ յայտնեց, որ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի այսօր, ապա պիտի փոխանցուի Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին` առ ի վաւերացում: Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ համաձայնած է 20 միլիոն տոլար վճարել «Մաւի Մարմարա» նաւու զոհերուն ընտանիքներուն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեց, որ համաձայնութիւնը անջատաբար եւ միատեղ պիտի ստորագրուի Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի կողմէ եւ Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տորի Կոլտի կողմէ:

Թէեւ Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Կազայի շրջափակումը մեծաւ մասամբ պիտի վերցուի, սակայն Նեթանիահու շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ ծովային պաշարումը ի զօրու պիտի մնայ, հակառակ անոր որ Թուրքիա Կազային օժանդակութիւն մատակարարելու զիջումներ ապահոված է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+