28 Haziran 2016
Ռաշա Թուտէյ կը հաղորդէ, որ Քրեմլին հաղորդած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ վերջինս ներում կը հայցէ սպանութեանը համար ռուս օդաչուին, որուն «Սու-24» օդանաւը նոյեմբեր 2015-ին թրքական կործանիչներու կողմէ վար առնուած էր Սուրիոյ վերեւ:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Թրքական պետութեան ղեկավարը իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց մահացած ռուս օդաչուի ազգականներուն եւ «ներողութիւն» ըսաւ»:
Էրտողան իր նամակին մէջ Ռուսիան կոչած է Անգարայի համար «բարեկամ մը եւ ռազմավարական գործընկեր մը», որուն հետ յարաբերութիւնները թրքական իշխանութիւնները պիտի չուզէին փճացնել:
«Մենք երբեք փափաք կամ նպատակ չենք ունեցած Ռուսիոյ պատկանող օդանաւ մը վար առնելու», ըստ Քրեմլինի կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մը ըսուած է Էրտողանի նամակին մէջ: