Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նոր - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

28 Haziran 2016  

Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նոր -

Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նոր Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նորանոր Ճանաչումներու»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը կարծէ, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պիտի յաղթէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Ռոյթըրզ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ընդգծեց, որ Հանրապետականի պարտութեան պարագային քաղաքականութեան մէջ այլեւս ընելիք պիտի չունենայ, ապա ծիծաղով բացառեց անոր հաւանականութիւնը:

«Եթէ կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն անյաջողութեան մատնուի, ես այլեւս քաղաքականութեան մէջ ի՞նչ ունիմ ընելիք», ըսաւ նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` ընդգծելով, որ Հռոմի պապի սկզբունքային դիրքորոշումն ու Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ արտայայտուած տեսակէտը ճամբայ կը հարթեն այլ ազգերու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

«Եւ ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ու նաեւ պապի հաստատակամութիւնը կը բերեն նոր ալիքի: Ես գրեթէ կասկած չունիմ, որ մօտ օրէն ֆրանսացիները անգամ մը եւս իրենց խորհրդարան կը տանին Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրինագիծը: Երկրորդ, ինչպէս յայտնի է, Գերմանիան շատ ծանրակշիռ խաղացող է եւ մեծ հեղինակութիւն ունի ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ օրինակը բազմաթիւ այլ երկիրներու համար պիտի դառնայ ուսանելի», ըսաւ նախագահը:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումներուն` նախագահը կասկած յայտնեց, թէ Անգարան կը յաջողի ճնշումներու միջոցով մաս կազմել Եւրոպական Միութեան: «Բայց ըստ երեւոյթին կը շփոթեն, թէ որու վրայ կարելի է ուժ գործադրել, ճնշում գործադրել, որու վրայ` կարելի չէ: Ես չեմ կարծեր, որ Թուրքիան այն երկիրն է, որ Եւրոպական Միութեան վրայ կրնայ ճնշում գործադրել: Անկեղծ ըսած, ես չեմ տեսներ այն հաւանականութիւնը , որ Թուրքիա կրնայ Եւրոպական Միութեան մաս կազմել», նշեց նախագահը:

Միեւնոյն ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանը չի պատկերացներ բարեփոխումներու յաջող ընթացքը առանց Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան: «Մենք պիտի շարունակենք այդ ճամբան», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:

«Ռոյթըրզ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին` ըսելով, թէ պայմանաւորուած են շարունակել եռակողմանի ձեւաչափով: «Մենք պայմանաւորուած ենք, որ այդ հանդիպումները` եռակողմանի ձեւաչափով, պիտի ըլլան շարունակական եւ անոնք կու գան լրացնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը», եզրափակեց նախագահը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+