26 Haziran 2016
Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակի մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական արարողութենէն ետք Հռոմի պապին ու Ամենայն հայոց կաթողիկոսին մօտեցան Մերձաւոր Արեւելքէն ժամանած կամ արդէն Հայաստանի մէջ ապաստանած ընտանիքներու պատանիներ ու երիտասարդներ, ովքեր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Հռոմի սրբազան քահանայապետին մատուցեցին օրհնութեան համար իրենց երկրներէն բերուած հողն ու ջուրը: Այս մասին կը յայտնէ Հայերն Այսօրը։
Պատանիներն ու երիտասարդները իրենց ձեռքի մէջ կը կրէին իրենց երկրներէն բերուած հողով եւ ջուրով լեցուած սափոր: Հողն ու ջուրը օրհնելու նուիրական արարողութենէն ետք լեցուցին բեմահարթակի վրայ դրուած Նոյան տապանի մանրակերտի մէջ:
Պատանիներու վերջին զոյգը Հայաստանէն էր: Անոնք կը խորհրդանշէին հայ ժողովուրդի վերածնունդը իր պատմական հայրենիքի այս հատուածին մէջ:
Աւարտին Հռոմի պապն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ջրեցին տապանը, ուր տնկուած էր որթատունը, որ կը խորհրդանշէ փրկութեան եւ վերածնունդի ուղին անցած Նոյ նահապետը, որ բիբլիական Արարատէն իջնելով՝ տնկեց որթատունկը։