26 Haziran 2016
Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ–ի ուղեկցութեամբ ժամանած է Էջմիածին: Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ղեկավարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ դիմաւորեցին Էջմիածինի կանթողիկոսարանի հոգեւորականները:
Օդակայանէն Էջմիածին տանող ճանապարհին Ֆրանչիսկոս Պապին կ՛ողջունէին բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք կը վանկարկէին «Viva Papa»․ Պապը օրհնեց զինք ողջունող հաւատացեալները:
Հռոմի Պապին Էջմիածինի մէջ դիմաւորած են հաւատացեալները, որոնք հաւաքուած էին Մայր տաճարին առաջ: Անոնք իրենց ձեռքին պահած են Վատիկանի խորհրդանիշերը: NEWS.am–ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ Հայաստանի մէջ Պապը դիմաւորելու եկած են բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ արտասահմանէն:
Հռոմի Պապը ձեռքով ողջունած է հաւաքուածները: Պապը զանգերու ղօղանջիւններուն ներքոյ շարժուեցաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Գարեգին Բ կաթողիկոսն ու Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը բարձրացան Սուրբ սեղանի մօտ, ուր ողջագուրուեցան: Անոնք օրհնեցին հաւաքուած ժողովուրդը, որոնք կը գտնուէին Մայր տաճարին մէջ: Այնուհետեւ օրհնուեցաւ խունկը, որ լեցուեցաւ բուրվառի մէջ: Հռոմի Պապը օրհնեց տաճարին մէջ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը:
Խորհրդանշական է, որ Պապը Հայաստան իր այցելութիւնը անուանած է ուխտագնացութիւն` ընդգծելով քրիստոնեայ աշխարհին համար Հայաստանի եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դերը: