26 Haziran 2016
Արմէնփրես` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը հերքեց բոլոր կարծիքները, թէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նոր ծրագիր մշակած է` դուրս ձգելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:
«Նախագահներու հանդիպումը ցոյց տուաւ, որ անոնք անհիմն խօսակցութիւններ են, կամ ոչ արհեստավարժ վերլուծումի արդիւնք», ըսած է Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է, որ հանդիպումին այս ձեւաչափը նախապէս ալ օգտագործուած է` զգայուն հարցերու քննարկման համար: «Անկասկած, այդպիսի պարագաներու կը պահպանուի ոչ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու օրակարգը, այլ նաեւ աշխուժ հաղորդակցութիւնը համանախագահող եռեակի հետ: Մենք այդ մասին ըսած ենք նաեւ հանդիպումէն առաջ», ըսած է Զախարովա: