Փութինին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Էրտողան Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Կը Յուսայ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

15 Haziran 2016  

Փութինին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Էրտողան Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Կը Յուսայ -

Փութինին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Էրտողան Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Կը Յուսայ Փութինին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Էրտողան Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Կը Յուսայ

ՌԻԱ Նովոսթի կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուշացումով յղած իր նամակին մէջ շնորհաւորած է «Ռուսիոյ օրուան» համար եւ յոյս յայտնած, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները կը բնականոնանան ու «պատշաճ մակարդակի կը հասնին»:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին նոյն առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին եւ յոյս յայտնած, որ յառաջիկային երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները «հասնին երկու ժողովուրդներու հասարակաց շահերուն համար անհրաժեշտ մակարդակին»:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ թրքական եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ յամառօրէն լուրեր կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ ղեկավարները Պիելոռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներէն «խնդրած» են միջնորդութիւն կատարել Թուրքիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ ղեկավարներուն կարծր դիրքորոշումը մեղմացնելու համար` Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնական հուն վերադարձնելու նպատակով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+