15 Haziran 2016
Պոսնիոյ իսլամներու ղեկավար Պաքըր Իզեթպիկովիչ 1995-ին աւարտած պատերազմէն ետք, իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը ոգեկոչեց յիշատակը Սարայեւոյի մէջ համայնքային պատերազմի ընթացքին սպաննուած սերպ քաղաքայիններու յիշատակը:
«Միշտ ալ զգացած եմ, որ զոհերուն պարտական եմ, ուստի պէտք էր նախապէս գայի ցաւակցելու եւ ցաւակցութիւն յայտնելու այն անձերուն, որոնք այստեղ մահացան ահաւոր կերպով», ըսաւ Իզեթպիկովիչ:
«Այս է հոս գալուս հիմնական պատճառը, սակայն նաեւ կը յուսամ, որ այս նախաձեռնութիւնը ուրիշներն ալ կը խթանէ նոյնպիսի քայլի դիմելու», նշեց ան` ակնարկելով Պոսնիոյ սերպ եւ խրուաթ պաշտօնատարներուն: