Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչութենէն Աղբիւրի Մը. Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպան - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

15 Haziran 2016  

Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչութենէն Աղբիւրի Մը. Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպան -

Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչութենէն Աղբիւրի Մը. Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպան Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչութենէն Աղբիւրի Մը. Թուրքիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Հրաժարած Է

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութենէն պաշտօնատար մը երէկ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Հանսեորկ Հապեր հրաժարած է:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ այս հարցին վերաբերեալ դեսպանին կամ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ որեւէ յաւելեալ մեկնաբանութիւն չէ նախատեսուած:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութենէն աղբիւր մը հաստատած է լուրը:

Հապեր քննադատած է Թուրքիոյ կողմէ Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու ճգնաժամին շուրջ համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքը, եւ անցեալ ամիս իր կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով կանչուած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+