Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Կը Գործադրուի Վտանգաւոր Ծրագիր Մը, Որուն Ետին Կը Գտնուին Կողմեր, Որոնք Կը Յա - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

13 Haziran 2016  

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Կը Գործադրուի Վտանգաւոր Ծրագիր Մը, Որուն Ետին Կը Գտնուին Կողմեր, Որոնք Կը Յա -

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Կը Գործադրուի Վտանգաւոր Ծրագիր Մը, Որուն Ետին Կը Գտնուին Կողմեր, Որոնք Կը Յա Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Կը Գործադրուի Վտանգաւոր Ծրագիր Մը, Որուն Ետին Կը Գտնուին Կողմեր, Որոնք Կը Յաւակնին Մեր Բարեկամները Ըլլալ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ գոյութիւն ունի «վտանգաւոր ծրագիր մը, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կը գործադրուի, եւ ատոր ետին կը կանգնին կողմեր, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ Թուրքիոյ բարեկամները»:

Էրտողան առանց անուններ նշելու, սակայն տողատակի ակնարկելով Միացեալ Նահանգներուն` քննադատեց կողմեր, որոնք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կ՛աջակցին քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան, այն պատրուակով, որ վերջինս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարի:

Թրքական կառավարութիւնը ամերիկացի պաշտօնատարները զգուշացուցած էր, որ կրակ պիտի բանայ ամերիկեան աջակցութիւն վայելող քրտական ուժերուն վրայ, եթէ Թուրքիոյ սահմանին 15 քիլոմեթրէն աւելի մօտենան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+