13 Haziran 2016
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ թրքական իշխանութիւնները սկսած են Մարմարա ծովուն վրայ գտնուող Իմրալի կղզիին վրայ որդեգրելու միջոցառումներ` նախապատրաստելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) բանտարկուած ղեկավար Ապտալլա Օճալանը իր մեկուսարանէն դուրս բերելով յառաջիկայ ամիսներուն անոր փոխադրութիւնը աքսորավայր` Անգարայի հետ պաշտօնական երկխօսութեան առիթ ստեղծելու համար:
Աղբիւրները կը նշեն, որ միջոցառումները «հանդարտեցման փորձարկման» ցուցանիշներու ծիրին մէջ են: