Պունտեսթակի Ծագումով Թուրք Անդամներ Առնուած Են Ոստիկանութեան Պաշտպանութեան Տակ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

13 Haziran 2016  

Պունտեսթակի Ծագումով Թուրք Անդամներ Առնուած Են Ոստիկանութեան Պաշտպանութեան Տակ -

Պունտեսթակի Ծագումով Թուրք Անդամներ Առնուած Են Ոստիկանութեան Պաշտպանութեան Տակ Պունտեսթակի Ծագումով Թուրք Անդամներ Առնուած Են Ոստիկանութեան Պաշտպանութեան Տակ

Թուրքիոյ Մէջ Մեզ Խորապէս Մտահոգող Զարգացումներ Կան» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա վոն տեր Լեյեն գերմանական «Ֆիլթ ամ Զոնթակ» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը` նշելով. «Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին զարգացումներ, ինչպէս` մամլոյ ազատութեանց սահմանափակումներ, մարդկային իրաւանց ու փոքրամասնութեանց վարկաբեկումներ կամ խորհրդարանականներու հետ վարուելակերպը, որոնք մեզ խորապէս կը մտահոգեն»:

«Գործընկերութիւնը պէտք է դիմանայ փոխադարձ քննադատութիւններուն, եւ ատոր մէջ գոյութիւն ունի տարակարծութիւնը հանդուրժելու կարողութիւնը», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ ինք կը գնահատէ տեղահանուածները հիւրընկալելու Թուրքիոյ քայլերը:

Գերմանական «Ֆրանքֆորթըր Ալկեմայնէ Ցայթունկ» օրաթերթը հաղորդեց, որ գերմանական ոստիկանութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանի ծագումով թուրք 11 անդամներ առած է իր պաշտպանութեան տակ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումէն ետք մահուան սպառնալիքներ ստանալնուն պատճառով: Օրաթերթը կը նշէ, որ շաբաթ օր Պերլինի ոստիկանութեան եւ դաշնակցային ոստիկանութեան միջեւ գիշերուան ուշ ժամերուն գումարուած ժողովէ մը ետք, որոշուած է երեսփոխաններու պաշտպանութեան համար որդեգրուած անվտանգութեան միջոցառումներու գործադրութիւնը երկարաձգել:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը իր կարգին հրապարակեց լուր մը, ըստ որուն, Թուրքիոյ մէջ պաշտօնական հակազդեցութիւններէն ետք, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանի ծագումով թուրք երեսփոխաններուն յորդորած է Թուրքիա չայցելել: Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Թուրքիա այցելող երեսփոխաններուն անվտանգութիւնը չի կրնար երաշխաւորել:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+