05 Haziran 2016
Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլըր 3 յունիսին հանդիպում ունեցած է լրագրողներուն հետ եւ յայտնած, որ Գերմանիան բազմաթիւ նախագիծեր ունի` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքական հասարակութեան յարաբերութիւններու սերտացման ծառայող: Ան նշած է, որ Պերլին յառաջիկային յաւելեալ ջանք պիտի գործադրէ` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:
Դեսպանը, սակայն, մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուցած այն մասին, թէ ի՛նչ նախաձեռնութիւններու մասին է խօսքը: «Նախ կ՛ուզեմ ըսել, որ երախտապարտութեան բազմաթիւ խօսքեր հնչեցին Գերմանիոյ խորհրդարանի երէկուան բանաձեւին առնչութեամբ, բազմաթիւ նամակներ եւ շնորհակալութեան խօսքեր ստացած եմ եւ այդ բոլորը ես կը փոխանցեմ Գերմանիոյ խորհրդարանին: Եթէ խօսինք Պունտեսթակի երէկուան բանաձեւի արդիւնքներուն մասին, ապա անոնցմէ մէկը այն է, որ յստակօրէն նշուած է բանաձեւին մէջ` մենք պէտք է աւելին ընենք Թուրքիոյ ու Հայաստանի հաշտեցման ի խնդիր», յայտնած է դեսպանը:
«Գերմանիան ունի բազմաթիւ նախագիծեր` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութիւններու յարաբերութիւնները աւելի սերտ դարձնելու միտող: Կը կարծեմ, թէ 2 յունիսի բանաձեւը խթան պիտի հանդիսանայ այս ուղղութեամբ աւելին ընելու համար: Երկարատեւ ծրագիրներուն մէջ, անշուշտ, կ՛ուզենք տեսնել, որ օր մը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին, եւ պիտի բացուի հայ-թրքական սահմանը», եզրափակած է Մաթիաս Քիսլըր: