31 Mayıs 2016
Պոլսոյ մօտ Իսրայէլի գլխաւոր հիւպատոս Շայ Գոհէն յայտարարեց, որ իսրայէլեան բնական կազ արտահանելու գլխաւոր եւ միակ յարմար ուղին` Թուրքիոյ միջոցաւ է: Հիւպատոսինհամաձայն, բնական կազի հարցով թրքական-իսրայէլեան հաւանական համաձայնութիւն մը պիտի ըլլայ բնական, նկատի
առնելով տարածաշրջանային կացութիւնը: «Այս հանգրուանինուժանիւթային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւն կայԻսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Ռազմաքաղաքական առումով,առանց Թուրքիոյ դերակատարութեան, շատ դժուար պիտիըլլայ ամբողջացնել ուժանիւթային փոխանցումները», ըսաւ
հիւպատոս Գոհէն:
Այլ գիծի վրայ, թուրք ու եւրոպացի պատասխանատուներհամաձայնեցան շարունակել մուտքի արտօնագիրներու պայմանները մեղմացնելու մասին մասնագիտական բանակցութիւնները: Այս առումով Թուրքիոյ արտաքին գործոց ու Եւրոմիութեան հարցերու նախարարները տեսակցեցան Եւրոմիութեան յանձնակատարի տեղակալին հետ, Անթալիոյ մէջ տեղիունեցած գագաթաժողովի մը ընթացքին: Նշենք, որ եւրոպացիները Անգարայէն կը պահանջեն գործադրել երեք վերջին նախապայմանները, արտօնելու համար թուրք քաղաքացիներուանվիզա մուտքը` Եւրոպա: