31 Mayıs 2016
Արմէնփրես կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Իլքա Քանեւրա եւ ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի տնօրէն Մայքըլ Ճորճ Լինք մտահոգութիւն յայտնած են Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութեան գծով, որ կը նախատեսէ ջնջել անձեռնմխելիութիւնը այն երեսփոխաններու, որոնց վերաբերող հետաքննութիւն կը կատարէ դատարանը:
Յայտարարութեան մէջ Քանեւրա ընդգծած է, որ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը կը հանդիսանայ ազատ գործելու երաշխիք, մինչդեռ ատոր ջնջումը կը վտանգէ Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններու տարանջատումը` վնասելով երկրի խորհրդարանական կեանքի բազմակարծութիւնը: «Թուրքիան ԵԱՀԿ-ի 56 երկիրներու հետ պարտաւորուած է աջակցիլ քաղաքական բազմակարծութեան եւ տրամադրել քաղաքական կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն անհրաժեշտ օրէնսդրական երաշխիքներ` թոյլ տալով մրցիլ իրարու դէմ, օրէնքի եւ իշխանութիւններու առջեւ հաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ: Մենք թրքական իշխանութիւնները կը յորդորենք տէր կանգնիլ այս յանձնառութեան», նշած է Լինք: