31 Mayıs 2016
Թրքական «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 65-րդ կառավարութեան մէջ Եւրոպական Միութեան հարցերով նոր նշանակուած նախարար Էօմեր Չելիք` անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած լարուած յարաբերութիւններուն, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար Եւրոպական Միութիւնը միակ ընտրանքը չէ:
«Ներկայ պահուն Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ զգայուն կէտի վրայ կը գտնուինք: Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ երկակի չափանիշեր կիրարկէ Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքի հարցին մէջ: Եւրոպական Միութեան հետ մեր յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են, սակայն ատիկա միակ ընտրանքն ալ չէ», ըսած է Չելիք` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ Թուրքիան այսուհետեւ եւս պիտի պահպանէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարը:
4 մայիսին Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական խորհրդարանին եւ Եւրոպական խորհուրդին յանձնարարած էր վերցնել Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի սահմանափակումները, եթէ Անգարա մինչեւ յունիսի վերջը կատարէ մուտքի արտօնագիրի ջնջման համար 72 կէտերը: Անոնց շարքին են փտածութեան կանխարգիլման միջոցառումները, Եւրոփոլի հետ համագործակցութիւնը, տուեալներու պաշտպանութեան գծով կանոնները Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն համապատասխանացնելը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով օրէնսդրութեան վերանայումը:
Ատկէ անմիջապէս ետք Էրտողան քննադատած է ահաբեկչութեան հակազդելու մասին օրէնքի փոփոխութեան հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ վրայ «ճնշումը»:
Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Պուրհան Քուզու Եւրոպական Միութեան սպառնացած է գաղթականները ուղարկել Եւրոպա, եթէ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի ջնջման հարցին մէջ որդեգրէ բացասական որոշում մը եւ շարունակէ պնդել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի թրքական օրէնքի վերատեսութեան անհրաժեշտութեան վրայ: