23 Mayıs 2016
Կիրակի, 22 մայիս 2016-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, տէրունական աղօթքէն առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ` Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացան Շահինշահրի հոգեւոր հովիւ Անանիա վրդ. Գուճանեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան եւ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան:
Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանին արժանացած երեք հայր սուրբերը յաջորդաբար իրենց քարոզները խօսեցան, անոնք կեդրոնացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան, հաւատարմութեան եւ դպրեվանքին վրայ:
Պատարագի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս երեք ծայրագոյն վարդապետները, Շահէ սրբազանին եւ խարտաւիլակ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանին գլխաւորութեամբ, ընդունեց իր գրասենեակին մէջ, իր հայրապետական թելադրանքները փոխանցեց եւ օրհնութիւնը տուաւ անոնց: Թեմերէն եկող հիւրեր ու բարերարներ եւս միացան եւ շնորհաւորեցին հայր սուրբերը:
Շաբաթ, 21 մայիս 2016-ի առաւօտուն, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտաճառերու պաշտպանութիւն: Հայր սուրբերը իրենց աւարտաճառերը ներկայացուցին եւ պաշտպանեցին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերու ներկայութեան: Աւարտաճառերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւէն առնուած նիւթեր էին, որոնք հայր սուրբերը վերծանած եւ անոնց ուսումնասիրութիւններ կատարած էին: Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ իր նկատողութիւններն ու ցուցմունքները փոխանցեց:
Նշենք, որ աւարտաճառերու պաշտպանութեան ներկայ էին եւ եկեղեցական արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի միաբան Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան եւ Վաղարշակ սրկ. Սերոբեան:
Յայտնենք, որ Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր շրջաններու մէջ ծառայող երեք միաբաններ` Գեղարդ վրդ. Քիւսպէկեան (Թորոնթօ), Սահակ վրդ. Եմիշեան (Ուսթր) եւ Ղեւոնդ վրդ. Բենթէզեան (Շիքակօ), իրենց ծառայած եկեղեցիներուն մէջ ստացան ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան: