16 Mayıs 2016
Արմէնփրես կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Աւստրիա կատարելիք այցելութեան ծիրին մէջ պիտի մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հաւանական հանդիպումին:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Քերրի 14-26 մայիսին պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, Աւստրիա, Պելճիքա, Պուրմա եւ Վիեթնամ:
«15-16 մայիսին ան պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ` երկրի կառավարութեան պաշտօնեաներուն հետ քննարկելու երկկողմանի ու շրջանային խնդիրները: 16-17 մայիսին պիտի այցելէ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննա, ուր պիտի մասնակցի Լիպիոյ հարցով Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ նախարարական հանդիպումին: Ան նաեւ պիտի մասնակցի Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի նախարարական հանդիպումին, որպէսզի հաստատեն հրադադարի դրութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, քննարկեն մարդասիրական աջակցութիւնը երկրի բոլոր տարածքներուն մէջ բնակողներուն հասցնելու եղանակները, ինչպէս նաեւ քաղաքական բանակցութիւններուն արագ ընթացք տալու ուղիները: Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ Միացեալ Նահանգները պիտի հիւրընկալեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը: 18-21 մայիսին Քերրի պիտի գտնուի Պրիւքսէլ, 22 մայիսին` Պուրմա, իսկ նոյն ամսուան 22-25-ին պիտի այցելէ Վիեթնամ, ուր պիտի միանայ նախագահ Օպամայի գլխաւորած պատուիրակութեան», ըսուած է հաղորդագութեան մէջ: