14 Mayıs 2016
Յունիս 1-էն սկսեալ, Խոճալուի իրադարձութիւնները խեղաթիւրող հակահայ «վաւերագրական» ֆիլմ մը՝ «Անվերջ Նրբանցք» («End- less Corridor») անունով, պիտի ցուցադրուի «Եուրօ» պատկերասփիւռի կայանէն։
Ֆիլմը պատրաստուած է լիթուանիացի լրագրող Ռիչըրտ Լափայթիսի կողմէ, իսկ անոր պատումը կը կատարէ «Օսքար» մրցանակին արժանացած դերասան Ճերըմի Այրընզ։
Անգլերէնով պատրաստուած ֆիլմը ցարդ ցուցադրուած է թրքական, իսրայէլեան եւ ալպանական պատկերասփիւռի կայաններէ ու շարժապատկերի քանի մը փառատօներու ընթացքին։
Ֆիլմին առարկայականութեան մակարդակը կարելի է դիւրութեամբ դատել, երբ նկատենք, որ անոր ատրպէյճաներէնի, թրքերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի, գերմաներէնի եւ արաբերէնի թարգմանութիւնները իրականացած են Ատրպէյճանի նախորդ նախագահ Հայտար Ալիեւի անուան հիմնարկին պատուէրով։