14 Mayıs 2016
Մայիս 13-ին` ժամը 17:00-էն սկսեալ, ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ հակառակորդը սկսած է տարբեր տրամաչափի ականանետերէ արկակոծման ենթարկել ՊԲ մարտական յենակէտերը: Յատկապէս առաջնային գիծի հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) եւ հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութիւններով արձանագրուած են բուռնի կրակոցներ, որոնց ընթացքին հակառակորդը 82 միլիմեթրանոց ականանետերէ արձակած է 116 արկ:
Յատկանշական է, որ հակառակորդը, իր սովորութեան համաձայն, շտապած է սահմանագիծին վրայ իրադրութիւնը ապակայունացնելու իր քայլերը բարդել ղարաբաղեան կողմին վրայ, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հիմնականօրէն կը պահպանեն կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային` թիրախ ընտրելով բացառապէս հակառակորդին կրակակէտերը: