14 Mayıs 2016
Քալիֆորնիոյ Օրենճ շրջանի բնակիչ եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի նախկին նախագահ Էրկուն Քիրլիքովալի իր ամբողջ կեանքին ընթացքին տոնքիշոթեան պայքար մղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ: Ի դժբախտութիւն իրեն` ան որքան շատ ժխտէ Ցեղասպանութիւնը, այնքան աւելի նպաստած կ՛ըլլայ ատոր քարոզչութեան:
Ահա Քիրլիի «հերոսական» վերջին գործողութիւններէն դրուագ մը, որ անգամ մը եւս շրջուեցաւ իր եւ իր մոլագար ժխտողականութեան դէմ:
Ապրիլ 24-ին, երբ 60 հազար ցուցարարներ հաւաքուած էին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, Քիրլին ալ յայտնուեցաւ իր քանի մը ժխտողական հայրենակիցներուն հետ` փորձելով քողարկել իրենց հայրենիքին արատաւորուած վարկը… Բողոքի գործողութեան թուրքերու ներկայութիւնը գրաւեց տեղական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը` ապահովելով աւելի մեծ հրապարակայնութիւն Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Մասնակցելով հակահայկական բողոքին` Քիրլի իր անձնական վարկը թրքական համայնքէն ներս բարձրացնելու նպատակով դասաւորած էր, որ իր աշխատակիցներէն մէկը տեսաձայնագրէ KABC հեռատեսիլի կայանին հետ իր հարցազրոյցը, որուն ընթացքին մէկ անգամ եւս ան ժխտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ապշեցուցիչ էր, որ հարցազրոյցի ժամանակ KABC-ի հաղորդավարը վիրաւորական խօսքեր ըսաւ հայերու հասցէին` զանոնք անուանելով «աւազականման յիմարներ»:
Ապրիլ 24-ի բողոքի ցոյցը լուսաբանելու ժամանակ KABC-ն օգտագործեց միայն մէկ նախադասութիւն` Քիրլիի ութ վայրկեաննոց բարբաջանքէն: Սակայն ոչ ոք տեղեակ կ՛ըլլար հաղորդավարին վիրաւորական խօսքերէն, եթէ Քիրլի իր հարցազրոյցին «հում» մասնիկները չտեղադրէր Դիմատետրի իր էջին մէջ` կրակը ձգելով հակահայ հաղորդավարը:
Ի պատասխան հանրութեան կողմէ հնչած բողոքներու, KABC-ն անյապաղ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` ներողութիւն խնդրելով իր ազատ-աշխատող հաղորդավարի խօսքերուն համար եւ յայտարարեց վերջինս աշխատանքէն հեռացնելու իր որոշումը: Սակայն KABC-ն կը պնդէր, որ իրենց տեսաձայնագրութիւնը եղած է «անկողմնակալ եւ բարեխիղճ»: Հեռատեսիլի բազմաթիւ ակնդիրներ համամիտ չէին անոր` վկայակոչելով Քիրլիի ժխտողական հայեացքներու հեռարձակումը: Անցեալ շաբաթ KABC-ի գլխաւոր տնօրէնին հետ ունեցած հեռաձայնային մէկ զրոյցիս մէջ քննարկեցի թուրք ժխտողականին եթերաժամ տրամադրելու վտանգները, նաեւ` այն դրական քայլերը, որոնց կրնայ նախաձեռնել կայանը` հեռատեսիլի ակնդիրներուն ուսուցանելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Վրդովուած հեռատեսիլի կայանի հայանպաստ յայտարարութենէն` Դիմատետրի իր էջին մէջ Քիրլի տեղադրեց իր «հիասթափութեան» մասին խօսք, որ յառաջացած էր «հայկական ճնշող խումբերու» բողոքներէն յետոյ KABC-ի ներողութիւն խնդրելու եւ հաղորդավարը հեռացնելու որոշումին լոյսին տակ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ` վիճարկելով Ցեղասպանութեան տխրահռչակ ժխտողին բեմ տրամադրելու KABC-ի որոշումը եւ հանդիպում խնդրեցին հեռատեսիլի կայանի ղեկավարութեան հետ: Անոնք արդարացիօրէն պնդեցին, որ KABC-ն երբեք հարցազրոյց չէր վերցներ ոեւէ նոր-նացիականէ` Ողջակիզումի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը լուսաբանելու համար:
Իբրեւ արդիւնք, KABC-ի ղեկավարութիւնը ընդունեց հանդիպիլ Հայ դատի յանձնախումբին, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ Հայ իրաւաբաններու միութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ կայքէն հեռացնել Քիրլիի վիրաւորական խօսքերը, այդ վիճայարոյց տեսաձայնագրութեան հետ… Հանդիպումէն ետք KABC-TV-ի նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն Շիրլի Քունին Ֆէյր 2 մայիսին հանդէս եկաւ հետեւեալ խիստ սկզբունքային յայտարարութեամբ.
«ABC7-ը կը ցաւի տեղի ունեցածին համար եւ կը հայցէ հայկական համայնքի ներողամտութիւնը միջադէպին պատճառած ցաւին համար, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը: Գործողութիւնները այդ հաղորդավարին, որ այլեւս չ՛աշխատիր հեռատեսիլի կայանին համար, եւ այդ օր հեռարձակուած տեսաձայնագրութիւնը բնաւ չեն արտացոլացներ ABC7-ի յանձնառութիւնը հայ համայնքին: Թէեւ հաղորդավարին յայտարարութիւնը չէ հեռարձակուած, սակայն մենք կը ցաւինք հարցազրոյցէն կարճատեւ տեսաձայնագրութիւն ներառելու համար, ուր կը ժխտուին Ցեղասպանութեան գոյութեան պատմական հիմքերը, ինչ որ այսօր կը հակասէ տեսակէտին` այն ճնշող մեծամասնութեան մը պատմաբաններու, որոնք իրօք զայն կ՛անուանեն Ցեղասպանութիւն, իսկ 1,5 միլիոն հայերու մահը կը դիտարկեն իբրեւ ամբողջ ժողովուրդի մը դէմ ի գործ դրուած կանխամտածուած եւ համակարգուած բնաջնջում: Ջանքեր կը գործադրենք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան, Հայ իրաւաբաններու միութեան եւ այլոց հետ համագործակցելով հնարաւորութիւններ ստեղծել հանրային երկխօսութեան, ներքին կրթութեան համար, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի մասին, այնպէս ալ` անոր համար բովանդակալից պատմութիւններու եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ կրթութեան ուղղուած անոնց ջանքերուն համար: Մենք լեցուած ենք այս նախաձեռնութիւններուն մէջ յառաջ գնալու վճռակամութեամբ, եւ շնորհակալ ենք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ անոր գործընկեր կազմակերպութիւններուն` այս երկխօսութեան նախաձեռնութեան եւ լսելու պատրաստակամութեան համար»:
KABC հեռատեսիլի կայանը պէտք է գովասանքի արժանանայ այսօրինակ յուսադրող յայտարարութեամբ հանդէս գալուն համար` ներողութիւն խնդրելով հայ համայնքին հասցուած վիրաւորանքին համար, հրաժարելով մոլեռանդ հաղորդավարի ծառայութիւններէն, ներողութիւն խնդրելով Ցեղասպանութիւնը ժխտող անձէն հարցազրոյց վերցնելուն համար` վերահաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը եւ խոստանալով համագործակցիլ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ` հանրութեան ուսուցանելով այս կարեւոր հարցի մասին: Այս կառուցողական քայլերէն ոչ մէկը կարելի կ՛ըլլար իրագործել, եթէ չըլլային Քիրլիի ժխտողական յամառ ջանքերը…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ