14 Mayıs 2016
Քիւրտերուն դէմ կռիւը կանգ պիտի չառնէ, ոչ մէկ յարձակում պիտի խոչընդոտէ կամ կասեցնէ Թուրքիոյ միութեան մեր պաշտպանութիւնը», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` երէկ ակնարկելով թուրք-քրտական շարունակուող բախումներուն եւ այս ծիրին մէջ պատահող պայթումի դէպքերուն Պոլսոյ թէ հարաւարեւելեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ:
Այս ծիրին մէջ երէկ թրքական բանակի վեց զինուորներ սպաննուեցան եւ ութ ուրիշներ վիրաւորուեցան քիւրտերուն դէմ բանակին շղթայազերծած ռմբակոծումներուն ծիրին մէջ: Աւելի ուշ «Էֆ-16» տիպի օդանաւեր եւ անօդաչու ուղղաթիռներ ուղարկուած էին քրտաբնակ շրջանները` «ճակատելու համար քիւրտ ահաբեկիչներուն դէմ»: Սակայն ուղղաթիռներէն մէկը «թեքնիք խանգարումի պատճառով ջախջախուեցաւ» եւ անոր երկու օդաչուները սպաննուեցան: Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) «Ֆուրաթ» կայքը աւելի ուշ յայտարարեց, որ ՔԱԿ-ի քիւրտ զինեալներ ստանձնեցին դէպքին պատասխանատուութիւնը` յայտարարելով, որ իրենք վար առած են թրքական ուղղաթիռը:
Հակաքիւրտ զինուորական ա՛յլ գործողութեան մը ընթացքին 15 քիւրտ զինեալներ սպաննուած են Շըրնաքի մէջ:
Տասը հոգի վիրաւորուած է Տիգրանակերտի Սարըղամիշ շրջանին մէջ, երբ քիւրտ զինեալներ կը փորձէին ռումբեր փոխադրել գողցուած ինքնաշարժի մը մէջ: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը, որ հաղորդեց լուրը, կ՛աւելցնէ, թէ փոխադրութեան միջոցին ռումբերը պայթած են` պատճառելով չորս քիւրտ զինեալներու սպանութիւնը: Նոյն աղբիւրին համաձայն, զինեալները շատ հաւանաբար կը պատկանէին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ):
Նշենք, որ թրքական ապահովական ուժեր երէկ ութ կասկածելիներ ձերբակալած են` զանոնք մեղադրելով իբրեւ յանցագործ` նախանցեալ օր Պոլսոյ ասիական բաժինի զինուորական զօրանոցներու շրջանին մէջ պատահած պայթումին:
Աւելցնենք, որ վերջերս սաստիկ բնոյթ ստացած է թուրք-քրտական տագնապը, որուն առանցքը կը կազմէ քիւրտերու ինքնավարութեան պահանջը` Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: