14 Mayıs 2016
Պիտի շարունակեմ վաճառել «Էրտողան Պըրկըր»-ը, մինչեւ որ Էրտողան փոխէ իր որդեգրած քաղաքականութիւնը», յայտարարեց Գերմանիոյ Քոլոն քաղաքին մէջ գործող ճաշարանապետ մը: Մարդկային իրաւունքները անտեսող Էրտողանի որդեգրած քաղաքականութեան ակնարկելով, գերմանացի խոհարարապետը վճռած է շարունակել Էրտողանի անունով պատրաստած իր «համպըրկըր»-ը: Ճաշարանը երեք օրերէ ի վեր փակ էր, անոր դէմ թրքական «գորշ գայլեր» արձակելու սպառնալիքներուն իբրեւ հետեւանք: Նմանօրինակ սպառնալիքներ ստացած էին նաեւ ճաշարանի երեք թուրք աշխատաւորները, որոնք նոյնպէս հրաժարած են իրենց աշխատանքէն:
Ճաշարանապետ Ճորճ Թիյմէն այս առիթով քննադատեց Թուրքիոյ կիրարկած բիրտ քաղաքականութիւնը մամուլին եւ յատկապէս` թղթակիցներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` անոր որդեգրած կարծիքի ազատութեան դէմ կաշկանդումները:
Նշենք, որ Թուրքիա վերջերս բանտարկութեան վճիռ արձակեց ահաբեկման փորձէ մազապուրծ փրկուած թուրք թղթակից Ժան Տիւնտէրի եւ Արտեմ Կիւլի դէմ:
Նոյն ծիրին մէջ Էրտողան դատական հայց յարուցած էր գերմանացի հանրածանօթ լրագրողի մը դէմ, որ «համարձակած էր Էրտողանը ծաղրել` յայտնելով, թէ ան այծերու եւ ոչխարներու հետ սեռային յարաբերութիւն կը մշակէ»: Գերմանիոյ պատկան դատարանը կը քննարկէ, թէ արդեօք լրագրողին այս քայլը պէ՞տք է «նախագահի մը դէմ անարգանք» նկատել ու առ այդ պատժել զայն: