14 Mayıs 2016
Լրագրող Արտակ Համբարձումեան կը գրէ, թէ Հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Վլատիմիր Յակոբեան 13 մայիսին «Ազատութեան» յստակ պատասխան չէ տուած այն մասին, որ 16 մայիսին արդեօք Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում պիտի կայանա՞յ: «Հանրապետութեան նախագահի այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն մասին մենք կը տեղեկացնենք պատշաճ կարգով եւ ժամանակին», ըսած է ան պարզապէս:
12 մայիսին Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարած էին, թէ ժամանակն է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հանդիպին` նշելով, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ յաջորդ շաբաթ, Վիեննայի մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 13 մայիսին ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապին եւ վերահաստատած, որ երբ համապատասխան պայմաններ ստեղծուին, Հայաստան պիտի շարունակէ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ միացեալ աշխատանքը` ուղղուած տագնապը բանակցութիւններու միջոցով հանգուցալուծելուն:
Շաբաթներ առաջ նախագահ Սարգսեան ղարաբաղեան տագնապին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման քայլեր առաջադրած էր` սահմանային դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրում, հասցէագրուած յայտարարութիւններ եւ երաշխիքներ, որ Ազրպէյճան նոր նախայարձակում պիտի չգործէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ:
12 մայիսին Հանրապետականի գործադիր մարմինի նիստէն ետք կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով եւս չէր հաստատած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման մասին լուրը, սակայն նշած էր, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ տեղ գտած են նախագահ Սարգսեանի երեք առաջարկները:
Նշենք, որ վերջին անգամ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հանդիպում ունեցած էին դեկտեմբեր 2015-ին: