14 Mayıs 2016
ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը կը ջանայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կայացնել 16 մայիսին, Վիեննայի մէջ:
Այս առնչութեամբ եւ նման հանդիպումէ մը ակնկալուած արդիւնքներուն մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ պատերազմական վիճակէն եւ Ազրպէյճանի նախայարձակումէն ետք հանդիպումի կարելիութիւնը արդէն կարելի է դրական գնահատել` այն առումով, որ միջազգային հանրութիւնը, Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները փորձեցին հանդիպման առիթ ստեղծել:
«Եթէ այդ հանդիպումը պիտի ծառայէ այն նպատակներուն, որոնք յայտարարուած են նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ, այսինքն` զինադադարի դրութեան պահպանում, վերահսկման մեքանիզմներու ստեղծում, դրութեան խախտման դէպքերու հասցէական գնահատում, ապա, այո՛, ես դրական ակնկալիքներ ունիմ: Բայց եթէ այս հանդիպումը պիտի վերածուի հերթական հանդիպումի, որուն պիտի հետեւի Ազրպէյճանի նոյն քաղաքականութիւնը` ռազմատենչ ու յարձակողական սպառազինման առումով, եւ մենք պիտի յանգինք նոր պատերազմի, բնականաբար, ես այդ հանդիպումին կողմնակից չեմ», ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Ըստ անոր, Հայաստանի ու Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վերջին յայտարարութիւններուն մէջ ակնարկութիւն եւ միտում կար այն մասին, որ պէտք է ստեղծել իրավիճակ մը, ուր կը բացառուի զինուորական ուղիով եւ ուժի սպառնալիքով հարցի լուծումը, որովհետեւ խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ, եւ եթէ այդ բոլորին համար ստեղծուին իրաւական հիմքեր ու գործիքակազմեր, ապա այդ հանդիպումը կարելի է ողջունել:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ հոլովոյթին նախապատմութիւնը ինչի՞ մասին կը վկայէ. Աղուան Վարդանեան պատասխանած է, որ նախապատմութիւնը հակառակը կը վկայէ, բայց պատերազմական պայթիւնավտանգ իրավիճակը, որ ստեղծուած է, կը պարտադրէ միջազգային հանրութիւնն ու երեք համանախագահող երկիրները` գտնել այնպիսի գործիքակազմեր, որոնք կը բացառեն զինուորական ուղիով հարցի լուծումը եւ տագնապին լուծումը կը տեղափոխեն բանակցային դաշտ, եւ եթէ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը պիտի ծառայէ այդ նպատակին, ուրեմն, ըստ պատգամաւորին, իմաստ ունի, բայց եթէ Ազրպէյճան պիտի մերժէ այդ բոլորը, ուրեմն անիմաստ հանդիպում պիտի ըլլայ: